winter2012cover

Ահաւասիկ «Արծիւ» պաշտօնաթերթի վերածնունդը:

 

«Արծիւ» ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ՀՅԴ ԳԵՄ) եւ Գանատահայ երիտասարդին ձայնը արձագանգող պաշտօնաթերթը, իր այժմէականացած էջերով ու նոր կայքէջով կրկին անգամ կը հրամցուի հայ երիտասարդին, առիթ ստեղծելով որ ան կարենայ արձակել իր երեւակայութիւնը, արտայայտել իր մտազբաղութիւնները եւ պոռթկալ անարդարութեան դիմաց:

 

«Արծիւ»-ի 2012-ի առաջին հատորը նուիրուած է վերածնունդի՝ ոչ միայն պաշտօնաթերթին, այլ նաեւ ընդհանուր մեր երիտասարդութեան: Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ վերածնունդի վերագրութիւնները բազմաթիւ են՝ Աւարայրէն մինջեւ Մեծ Եղեռն: Այսօր սակայն, Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին, ճերմակ ջարդի սպառնալիքը մեր դիմաց՝ կրկին անգամ հայ ազգի եւ մանաւանդ հայ երիտասարդութեան վերածնունդն է պէտք: Արթննալով անտարբերութեան երազներէն, հայ երիտասարդին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ՝ պայքարիլ ձուլումի դէմ, խօսիլ հայերէն, կառչած մնալ մեր ազգի ու կրօնքի սկզբունքներուն, սիրել ու քաջալերել հայ մշակոյթը, քաջատեղեակ ըլլալ մեր ազգն ու հայրենիքը մտահոգող հարցերուն եւ դառնալ Հայ Դատի պաշտպան զինուորները:

 

Կարդալով «Արծիւ»-ը, մեր կարծիքները յայտնելով անոր էջերուն մէջ եւ ըմբռնելով մեր պարտականութիւնները իբրեւ 21րդ դարու Հայ երիտասարդներ, անկասկած իրերայաջորդ հայ սերունդները պիտի կարենան յաղթահարել Հայ ժողովուրդի առջեւ ցցուած բոլոր մարտահրաւէրները: